2009-04-09 14:33:22

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մտադիր է այցելութիւն կատարել ՜՜Ապրուցցօ՝՝ երկրաշարժի աղէտեալներուն։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր կամքը այցելել Իտալիոյ Ապրուցցօ մարզի երկրաշարժի աղէտեալները, որ վերջին տուեալներու համաձայն երկրաշարժը աւելի քան 278 հոգիներու կեանքը խլած է։ Սրբազան Հայրը ըսաւ որ կը բաժնէ աղէտեալներու տառապանքն ու մտավախութիւնները, ընդգծելով՝ կարեւորութիւնը զօրակցութեան, որպէսզի միասնաբար բաժնենք բոլորին ցաւը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Վատիկանի բանբերին գնահատումով Սրբազան Հօր այցելութիւնը պիտի կատարուի Զատկէն ետք։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս ուզեց իր հայրական հոգատարութիւնը յայտնել աղէտեալներուն եւ ողջունեց կառավարութեան, բանակի զինուորներուն եւ կամաւորներուն ցուցաբերած հոգատարութիւնն ու պատրաստակամութիւնը շուտափոյթ օգնութեան հասնելու աղէտեալներուն



Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքին Զատկական Պատգամը։

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութեան սովորութեան համաձայն, Աւագ Շաբաթուան սկիզբը պատրիարք ֆուատ Թուալ իր զատկական պատգամը, հինգ լեզուներով, հրապարակած է ցանցի վրայ։ Նամակին մէջ պատրիարքը կ'ընդգծէ թէ ՜՜Աւագ Շաբաթը համառօտութիւնն է քրիստոնէական կեանքին՝՝ եւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները անջատուելու հին մարդէն եւ դառնալու նոր արարածներ։ Աւագ Շաբաթը Աստուծոյ փրկարար հրաւէրն է։ ՜՜Մենք, Յիսուսի մէջ եւ Յիսուսի հետ, պիտի անցնինք մահէն կեանք՝՝։



Վատիկանը պիտի ֆինանսաւորէ Գուպայի մէջ ֆիզիքական ու մտային անկարներու կեդրոն մը, կը յայտնէ վատիկանի օրաթերթը մատնանշելով թէ Վատիկանը՝ 2008ի Աւագ Շաբաթուայ ընթացքին հանգանակութենէն գոյացած դրամը Հռոմի եկեղեցիներու մէջ, յատկացուցած է վերոյիշեալ նպատակի համար, եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, բարեսիրական ՜՜ՄԷկ Սիրտ՝՝ քահանայապետական խորհուրդի միջոցաւ 16 հազար եւրօ նուիրած է այդ կեդրոնին շինութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.